Արմէն Աբազեանը նշանակուած է ՀՀ ԱԱԾ տնօրէն

2020-11-08
Image

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով Արմէն Աբազեանը նշանակուած է ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն: Հրամանագիրը հրապարակուած է ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ:

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններու մասին» օրէնքի 4.1-ին յօդուածի 1-ին մասի. Արմէն Աբազեանը նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն»,-ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ ՀՀ ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի պաշտօնակատար Միքայէլ Համբարձումեանը  աւելի վաղ   ազատուած էր իր  պաշտօնէն։