Արմէն Գրիգորեանն ԱՄՆ–ի մէջ հանդիպած է Հիքմեթ Հաճիեւի հետ

2022-09-28
Image

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիւան հիւրընկալած է ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորյանը ու Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։ Այս մասին Սալիւան գրած է Twitter–ի իր էջին։

«Այսօր ես հիւրընկալեր եմ Հիքմեթ Հաճիեւը ու Արմէն Գրիգորեանը` ուղիղ եւ կառուցողական բանակցութիւններու համար։ Մենք քննարկած ենք հետագայ բռնութիւններու կանխարգելման եւ կարճաժամկէտ ու նպատակային բանակցութիւններու անցկացման կարեւորութիւնը։ Նաեւ առանձնացուցած ենք յստակ քայլեր՝ ուղղուած կայուն եւ տեւական խաղաղութեան հաստատման»,– յայտնած է Սալիւան։

ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդէն ալ յայտնած են, որ հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի երկարաժամկէտ խաղաղ կարգաւորման գործընթացը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման անհրաժեշտութիւնը։ Կարեւորուած է վերջին յարձակման հետեւանքներու վերացումը:

ՀՀ անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը սեպտեմբեր 26-էն կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ: Այցի ծիրէն ներս Գրիգորեան հանդիպած է ամերիկացի ներկայ եւ նախկին պաշտօնեաներու, դեսպաններու, «Քառնեկի» հիմնադրամի եւ այլ վերլուծական կեդրոններու անդամներու հետ: Ներկայացուցած է Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի նկատմամբ Ատրպէյճանի ձեռնարկած լայնածաւալ յարձակումը ու անոր հետեւանքները։

ԱԽ քարտուղարն անդրադարձած է Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներուն եւ քաղաքացիական բնակչութեան ու ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման փաստերուն: