Արմէն Գրիգորեանն ու Սթանիսլաւ Զասը քննարկած են ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի գալիք նախագահութիւնը

Աշխատանքային այցով Հայաստան ժամանած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զաս։ Զասի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հայաստան կը գտնուի երկօրեայ այցով՝ Օգոստոս 9-10-ին:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանը ընդունած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը։
Գրիգորեանը զրուցակիցին ներկայացուցած է Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր ատրպեճանական ԶՈւ ներթափանցման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի պարբերական սադրանքները՝ այդ շարքին Նախիջեւանի տարածքէն։ ՀԱՊԿ պատասխանատուութեան գօտիին մէջ անվտանգային եւ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի վերաբերեալ հայկական կողմի գնահատականներու շրջածիրէն ներս Գրիգորեանը ուշադրութիւն հրաւիրած է Արցախի դէմ ատրպեճանաթրքական յարձակման հետեւանքներուն եւ անկէ բխող սպառնալիքներուն։ Երկուստեք շեշտուած է իրավիճակի ապաթէժացման անհրաժեշտութիւնը։
Կողմերը անդրադարձած են նաեւ ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի գալիք նախագահութեան։
Արմէն Գրիգորեանը տեղեկացուցած է հայկական նախագահութեան հայեցակարգային մօտեցումներու մասին՝ շեշտելով, որ առաջնահերթութիւններէն պիտի ըլլան կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը եւ անդամ պետութիւններու կարիքներուն ժամանակին արձագանգելու մեքենականութեան ամրապնդումը։
Սթանիսլաւ Զասն իր հերթին ընդգծած է ՀԱՊԿ կատարելագործման կարեւորութիւնը եւ վստահեցուցած, որ ՀԱՊԿ աշխատանքային մարմինները պիտի ներդնեն բոլոր ջանքերը հայկական կողմի յայտարարելիք առաջնահերթութիւնները կեանքի կոչելու համար։