Արմէն Սարգսեան իր բուժումը պիտի շարունակէ տնային պայմաններու մէջ

2021-01-26
Image

Նոր տիպի «Քորոնա» ժահրով վարակուած Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը կը շարունակէ բուժումը տնային պայմաններու մէջ: Այս մասին յայտնած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Հայաստանի նախագահի ինքնազգացողութիւնը համեմատաբար բարելաւուած է, անոր առողջական վիճակին մէջ առկայ է դրական շարժ, սակայն ան դեռ կը գտնուի բժիշկներու հսկողութեան տակ:

Բժիշկներու թոյլտւութենէն անմիջապէս ետք նախագահ Սարգսեանը պիտի վերադառնայ Երեւան: Նախագահը կը շարունակէ աշխատիլ հեռավար՝ իրականացնելով իր սահմանադրական գործառոյթները:

Հանրապետութեան նախագահը եւ տիկին Նունէ Սարգսեանը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնած են առողջութեան մաղթանքներու եւ զօրակցութեան խօսքերու համար: