Արտակ Դաւթեանը պիտի նշանակուի ԳՇ նոր պետ. վարչապետը միջնորդութիւն ներկայացուցած է նախագահին

2021-03-10
Image

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այսօր միջնորդութիւն ներկայացուցած է Հանրապետութեան նախագահին՝ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետի պաշտօնին Արտակ Դաւթեանը նշանակելու վերաբերեալ:

«Հայկական ժամանակ»ի հետ զրոյցի ժամանակ տեղեկութիւնը հաստատած է ՀՀ վարչապետի մամուլի խօսնակ Մանէ Գէորգեանը:

Նախագահականէն յայտնած են, որ այս պահի դրութեամբ դեռ չեն ստացած միջնորդութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Դաւթեանը ԳՇ պետի պաշտօնը զբաղցուցած է նաեւ 2018 թուականի 24 մայիսէն մինչեւ 2020 թուականի 8 յունիսը: Այնուհետեւ մինչեւ 2020 թուականի 11 նոյեմբերը եղած է Ռազմարդիւնաբերական կոմիտէի նախագահ: 

Պաշտպանութեան նախարարի երէկուայ որոշմամբ ալ Դաւթեանը նշանակուած էր Յատուկ յանձնարարութիւններու գծով աւագ սպայ: 

Այսօր աւելի վաղ վարչապետի աշխատակազմը յայտնած էր, որ ԳՇ պետ Օնիկ Գասպարեանը իրաւունքի ուժով կը համարուի պաշտօնէն ազատուած: