Արտերկրէն ուղարկուող մարդասիրական բեռերու ծաւալը աւելցած է

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը շարունակէ մարդասիրական օգնութեան կազմակերպումը 7/24 ռեժիմով։ 1 Հոկտեմբերէն մարդասիրական բեռերով Արցախ ուղեւորուած է 40, իսկ դէպի Հայաստանի տարբեր բնակավայրեր՝ 107 բեռնատար։
Մարդասիրական օգնութիւնը համապատասխան լիազօր մարմիններու միջոցով բաշխուած է Արցախի Հանրապետութեան բնակիչներուն եւ ժամանակաւորապէս Հայաստան եկած արցախցի ընտանիքներուն: Նշենք, որ Հայաստանի տարբեր անկիւններէն մարդասիրական բեռերու հոսքը կը շարունակուի, աւելցած է արտերկրէն ուղարկուող բեռերու ծաւալը։
Յիշեցնենք, որ սահմանուած կարգի համաձայն՝ մարդասիրական օգնութիւնը կը կազմակերպուի վարչական շրջաններու համայնքապետարաններու եւ մարզպետարաններու միջոցով։ Իսկ ԱԻՆ-ը ստացած օգնութիւնը (սնունդ, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ եւ այլն) տեսակաւորելէ եւ խմբաւորելէ ետք կը փոխանցէ հասցէատէրերուն։