Արցախէն 9 բուժառու «Կարմիր խաչ»ի ուղեկցութեամբ տեղափոխուած է Հայաստան

2023-03-03
Image

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան «Հանրապետական բժշկական կեդրոն»էն ուռուցքային հիւանդութիւններով եւ շտապ վիրահատութիւն պահանջող ախտաբանութեամբ 9 հիւանդներ, այսօր՝ 3 Մարտին «Կարմիր խաչ»ի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ տեղափոխուած են ՀՀ մասնագիտացուած բժշկական կեդրոններ։

7 բուժառու, որոնք պետական պատուէրի շրջածիրէն ներս ուղեգրուած են Հայաստան բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներու հետ վերադարձած է Արցախ։

Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակուին դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։

«Արեւիկ» բժշկական միաւորման մէջ է երեխայ կը գտնուի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:

«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»ին մէջ 8 բուժառու կը գտնուին վերակենդանացման բաժանմունքի մէջ, որոնցմէ 2-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են։

Մինչ այսօր Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած են ընդհանուր 144 հիւանդ։