Արցախը Ատրպէյճանի տարածք չէ. Դաւիթ Բաբայեանը կոչ կ'ընէ Պաքուին չխեղաթիւրելու իրականութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանն անդրադարձած է Արցախի կարգավիճակի վերաբերեալ ատրպէյճանական կողմի մօտեցումներուն՝ շեշտելով, որ Արցախը Ատրպէյճանի տարածքը չէ։
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցի ժամանակ Բաբայեանը Պաքուին կոչ ըրած է չխեղաթիւրելու իրականութիւնը։ «Ի հարկէ, սա Ատրպէյճանի տարածք չէ: Դա իրենց նպատակն է՝ Արցախը դարձնել Ատրպէյճանի տարածք, բայց դա չի նշանակում, որ դա յաջողուելու է», -ըսած է Դաւիթ Բաբայեանը
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի ՊՆ-ի յայտարարութեան, թէ Հայաստանը զինուած ուժեր կը տեղափոխէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածք, Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, որ «Հայաստանի կողմից զօրքի որեւէ տեղաշարժ կամ տեղաբաշխում չկայ»:
Դաւիթ Բաբայեանի խօսքով՝ ինչպէս ռազմական միջոցներու գործադրումը ատրպեճանական զինուժի կողմէ, այնպէս ալ Պաքուի նմանատիպ յայտարարութիւնները ուղղուած են միեւնոյն նպատակին՝ հոգեբանական ճնշում գործադրել՝ փորձելով վախցնել արցախցիները: Բացի այդ, նաեւ կը փորձեն խարխլել հայ-ռուսական յարաբերութիւնները եւ հող նախապատրաստել Հայաստանի հետ Արցախի կապը կտրելու:
«Վաղն էլ ասելու են՝ «պէտք է ստուգենք, տեսնենք՝ ով է գալիս Հայաստանից», եւ այլն, եւ այլն: Իրենք այդպէս են ծրագրել՝ խեղդել Արցախը ընկերային-տնտեսական առումով, թոյլ չտալ, որ ներդրումներ լինեն», - բացատրած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարը՝ աւելցնելով, որ, ամէն պարագայի, հարկաւոր է շատ լուրջ վերաբերիլ նմանատիպ յայտարարութիւններուն եւ համապատասխան քայլեր ձեռնարկել ատոնց դէմ: