Արցախի ԱԳ նախարար Դաւիթ Բաբայեան Լոս Անճեըսի մէջ հանդիպած է ՌԱԿ ղեկավար կազմի հետ

2022-09-23
Image

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան ԱՄՆ կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս  22 սեպտեմբերին ժամանած է Լոս Անճելըս, ուր հանդիպում ունեցած է ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) ղեկավար կազմի հետ։ Այս մասին յայտնած են ԱՀ ԱԳՆ-էն։

Քննարկուած են Արցախի արտաքին քաղաքականութեան, ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման, տարածաշրջանային գործընթացներուն եւ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման վերաբերող հարցեր։

Դաւիթ Բաբայեան երախտագիտութիւն յայտնած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արցախին մշտապէս սատարելու համար՝ այդ ծիրէն ներս կարեւորելով հայկական աւանդական կուսակցութիւններու դերակատարութիւնը հայապահպանութեան, համազգային խնդիրներու լուծման եւ Արցախի շահերու պաշտպանութեան գործին մէջ։