Արցախի Անվտանգութեան Խորհուրդը որոշած է դիմել Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան

2022-12-13
Image

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի նախագահութեամբ 13 դեկտեմբերին հրաւիրուած է ԱՀ անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստ, որու ընթացքին քննարկուած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը արտաքին աշխարհի հետ կապող միջանցքի արգելափակման հետեւանքով ստեղծուած ռազմաքաղաքական իրավիճակը:

Այս մասին յայտնած են ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն:

Ընդգծուած է, որ միջանցքի անխափան գործունէութիւնը երաշխաւորուած է 2020 թուականի 9 նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեամբ, որու դրոյթները հերթական անգամ կը խախտէ ատրպէյճանական կողմը:

Անվտանգութեան խորհուրդը որոշած է համապատասխան նամակով դիմել Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան՝ անընդունելի համարելով միջանցքի փակումը, որ կը յանգեցնէ Արցախի մէջ մարդասիրական աղէտի:

Նախագահը շեշտած է, որ ԱՀ իշխանութիւնները պիտի ձեռնարկեն բոլոր հնարաւոր միջոցները բնակչութեան անվտանգութեան եւ կենսաապահովման խնդիրները լուծելու համար: