Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի առնչութեամբ քրէական գործերով կը հետապնդուի շուրջ 4 տասնեակ անձ. գլխաւոր դատախազ

27 Սեպտեմբեր 2020-ին ատրպէյճանաթրքական եւ վարձկան ահաբեկիչներու կողմէ սանձազերծուած պատերազմի առաջին իսկ օրերէն տրուած են իրաւական գնահատականներ իւրաքանչիւր առանձին դէպքին, ինչպէս նաեւ ամբողջական ընդհանրութեան մէջ: Աս մասին Առաջին ալիքին տուած հարցազրոյցին մէջ նշած է ՀՀ գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանն՝ անդրադառնալով Արցախի դէմ սանձազերծուած պատերազմի առնչութեամբ քրէական գործերու ընթացքին:
«Այսօր արդէն մեր քրէական գործով ձեռք բերուած ապացոյցներով մենք մի քանի ուղղութիւններով համապատասխան քրէական հետապնդումներ ունենք: Դրանք վերաբերում են ինչպէս ակրեսիւ պատերազմ սանձազերծելուն, միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ խախտումներով, արգելուած զինատեսակներով, արգելուած պատերազմական միջոցներով պատերազմ վարելու կանոնները խախտելուն, դրանք վերաբերում են նաեւ հայկական պատմամշակութային արժէքները ոչնչացնելուն, վնասելուն, այդպիսիք վերաբերում են նաեւ գերեվարուած հայ զինուորականների նկատմամբ խոշտանգումներին, անմարդկային վերաբերմունքի դրսեւորումներին, միջազգային ահաբեկչութեանը եւ վարձկան ահաբեկիչների ներգրաւմանը այդ պատերազմական գործողութիւններին: Այդ գործերով քննութեան արդիւնքներում այս պահի դրութեամբ մենք ունենք շուրջ 4 տասնեակ քրէական հետապնդման ենթարկուող անձինք, որոնց նկատմամբ նաեւ յայտարարուել է հետախուզում: Ունեցել ենք նաեւ ռազմական գործողութիւնների ընթացքում ձերբակալուած 2 վարձկան ահաբեկիչներ, որոնց նկատմամբ դատական ակտ ունենք արդէն, դատավճիռ է կայացուել, վերջիններս դատապարտուել են ցմահ ազատազրկման»,-նշած է Արթուր Դաւթեանը:
Անդրադառնալով վերջերս Ռուսաստանի իր պաշտօնակցի եւ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազի հետ եռակողմ հանդիպման՝ Արթուր Դաւթեանը նշած է, որ նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան ստորագրումէն ետք, ըստ էութեան, տարածաշրջանին մէջ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծման ուղղութեամբ կը ձեռնարկուին անհրաժեշտ բոլոր մեխանիզմները եւ այդ մեխանիզմներու մէջ իրենց ուրոյն տեղն ունին իրաւական մեխանիզմները: Ան նկատած է, որ ՌԴ-ն աշխոյժ ներգրաւուածութիւն ունի այս գործընթացին մէջ եւ յատկապէս յետպատերազմական մարդասիրական հարցերու լուծման ոլորտին մէջ: