Արցախի մէջ առաջացած է վառելիքի պակաս

Ատրպէյճանի կողմէ Արցախը Հայաստանի հետ կապող ճանապարհի եւ կազամատակարարման արգելափակման հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան մէջ առաջացած է պենզինի, վառելիքի, յեղուկ եւ սեղմուած կազի պակաս: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի տեղեկատուական շտաբէն։
Վառելիքային ճգնաժամ չառաջանալու համար ԱՀ կառավարութիւնը տնտեսվարողներու հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է՝ անցնելու խնայողական ռեժիմի:
Լցակայաններուն մէջ վառելիք առաջնհերթ պիտի տրամադրուին շտապ օգնութեան ծառայութեան, հասարակական փոխադրամիջոցներուն եւ յատուկ ծառայութիւններուն:
Վառելիքի տրամադրման մեքանիզմներու եւ ընթացակարգերու մասին հանրութեան տեղեկատւութիւն պիտի տրամադրուի լրացուցիչ:
Քաղաքացիներուն կոչ կ'ընեն խնայողաբար օգտագործելու վառելիքը եւ փոխադրային միջոցներն օգտագործել խիստ անհրաժեշտութեան պարագային: