Արցախի մէջ ատրպէյճանական անցակէտը հանելու յստակ պահանջ կայ

2023-05-03
Image

«Ազատ Արցախը ողջունում է ձեզ». արցախցի երիտասարդներ այս գրութեամբ ցուցանակ մը տեղադրեցին Ստեփանակերտ-Շուշի ճամբուն վրայ եւ խաղաղ ցոյցի սկսան՝ ատրպէյճանցիներու անցակէտը հանելու պահանջով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ազատութիւն»ը։

«Բերձորի միջանցքում Ադրբեջանի կողմից ապօրինի տեղադրուած անցակէտը մեր համար կարմիր գիծ է եւ անթոյլատրելի: Ակցիան (ցոյցը) շարունակուելու է այնքան ժամանակ, մինչեւ տուեալ անցակէտը այնտեղից չհեռացուի», ըսած է ցոյցի նախաձեռնող խումբի անդամ Դաւիթ Բաղրեան:

Ան դիտել տուաած է, որ իրենց շուրջ 100 կամաւորները համախմբուած են. տակաւին 28 Ապրիլէն սկսեալ արցախցի երիտասարդները անցան ստորագրահաւաքի` «Ո՛չ Արցախի էթնիկ (ցեղային) զտմանը» նշանաբանով. պահանջը Արցախի ապաշրջափակումն է: Անոնք առաւել քան 20 հազար ստորագրութիւն հաւաքած են, եւ այդ գործը պիտի շարունակեն: Ըստ Բաղրեանի՝ այդ ծրարը պէտք է հասնի ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահող երկիրներուն ու Հայաստանի իշխանութեան:

1

Ստորագրահաւաքին միացած էր նաեւ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան. Արցախի մէջ կը ձեւաւորուին զանազան շարժումներ ատրպէյճանցիներուն կողմէ արցախցիները շուրջ 5 ամիս շրջափակման մէջ պահելուն զուգահեռ` Լաչինի միջանցքին մէջ` Հակարիի կամուրջին վրայ պաշտօնապէս անցակէտ տեղադրելէ ետք: