Արցախի մէջ բացուեցաւ Ատրպէյճանագիտութեան առաջին կեդրոնը․ Genesis Armenia

Արցախի մէջ բացուեցաւ ատրպէյճանագիտութեան առաջին կեդրոնը. ուղեղային կեդրոն/հիմնադրամի ռազմավարական նշանակութեան նոր նախագիծը, այսպիսով, իրականութիւն դարձաւ։ Այս մասին կը հաղորդէ Genesis Armenia-ի Facebook-ի էջը։
Կարօ Կարապետեանի անուան կեդրոնը, որ զինուած է արհեստավարժ ուսումնառութեան համար անհրաժեշտ սարքերով ու գոյքով՝ տեղակայուած է Արցախի պետական համալսարանի շէնքին մէջ։ Նախաձեռնութիւնը կեանքի կոչուած է Կարօ Կարապետեանի տիկնոջ՝ Վարդուկ Կարապետեանի եւ զաւակներուն (տէր եւ տիկին Մեղրի եւ Պէտի Աուտիշ, զաւակը՝ Վանի, Աբօ Կարապետեան, Ուռի Կարապետեան) ու Genesis Armenia-ի ջանքերով։
Կեդրոնին մէջ, առաջին փուլով, մէկ տասնեակէ աւելի արցախցի երիտասարդներ անվճար պիտի սորվին ատրպէյճաներէն եւ պիտի ուսումնասիրեն Ատրպէյճանը։ Ծրագիրին նպատակն է պատրաստել կրթուած, իր ազգային-պետական շահերն ու թշնամին լաւ ճանչցող սերունդ։
Genesis Armenia-ի քաղաքականութեան հիմքը հայկական զոյգ պետութիւններու ռազմաքաղաքական եւ անվտանգային մարտահրաւէրները յաղթահարելու նպատակներն են։ Կեդրոնը՝ այս քաղաքականութեան ծիրէն ներս՝ պիտի պատրաստէ ազրպէյճաներէնի մասնագէտներ, որոնք պիտի կարենան իրենց հմտութիւնները գործածել թուրք-ազրպէյճանական տանդեմէն եկող տեղեկատուական, քարոզչական եւ անվտանգային սպառնալիքներու չեզոքացման գործին մէջ: