Արցախի մէջ լռութեան վայրկեան պիտի յայտարարուի

Արցախի Հանրապետութեան պետական համապատասխան յանձնաժողովի որոշմամբ՝ 27 Սեպտեմբերին, ժամը 11:00-ին հանրապետութեան ողջ տարածքին մէջ պիտի յայտարարուի մէկ վայրկեան լռութիւն՝ ի յիշատակ 2020 թուականին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած 44-օրեայ պատերազմի զոհերու:
Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վաչութենէն:
Նոյն օրը, ժամը 10:30-ին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան բոլոր գործող եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոս զաւակներու հոգիներու խաղաղութեան համար։