Արցախի մէջ մահացած է ծանր հիւանդներէն մէկը՝ 42-ամեայ տղամարդ

Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն ծանր եւ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ գտնուող հիւանդներ մնալ. Հիւանդանոցներուն մէջ դադարեցուած են բոլոր ծրագրային վիրահատութիւնները: Առաւօտեան յայտնի դարձած է, որ ծանր վիճակի մէջ գտնուող մէկ հիւանդ մահացած է:
Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոնի տնօրէն Մհեր Մուսայէլեան դիտել տուած է, որ շրջափակման առաջին օրէն յայտարարուած է, որ կան ծայրայեղ ծանր վիճակով հիւանդներ, որոնք անպայման պէտք է Երեւան փոխադրուին, սակայն ցարդ այդ գծով զարգացում չէ եղած, եւ այդ պատճառով ալ մահացած է այդ հիւանդներէն մէկը:
Անոր խօսքով` մահացած հիւանդը 1980 թուականին ծնած տղամարդ էր, ան 15 տարի կ'ընդունէր երիկամներու հերթական տրամալուծումը (kidney dialysis)։ Այս պահուն տղամարդը տեղափոխման ենթակայ չէր։
19 Դեկտեմբերի կէսօրին, միջանցքը բացուած է քանի մը վայրկեանով, երբ Արցախի շտապ օգնութեան ինքնաշարժը՝ Կարմիր Խաչին ընկերակցութեամբ, անցած է ցուցարարներուն մէջէն, փոխադրելով 62ամեայ արցախցին, որ սիրտի հրատապ վիրահատութեան կարիք ունէր: Երեւանէն եկած շտապ օգնութեան ինքնաշարժը հիւանդին սպասած է Գորիսի մէջ՝ զայն Երեւանի «Նորք Մարաշ» բժշկական կեդրոնը տեղափոխուելու համար: 19 Դեկտեմբերին փոխադրուած հիւանդը առաջինն էր, որ կրնար հասնիլ Երեւան:
Այս պահուն Ստեփանակերտի հնրապետական հիւանդանոցին մէջ բուժում կը ստանայ 92 հիւանդ, վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ կը գտնուի 11 հիւանդ, որմէ 4-ը՝ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ:
Իր հերթին «Արեւիկ» մանկական բուժմիաւորման գործադիր տնօրէն Կարէն Մելքումեան նշած է, որ իրենց մօտ վերակենդանացման բաժնէն ներս այս պահուն 12 երեխայ կը գտնուի. «Ներկայ պահին գերծանրաբեռնուած է մանկական բաժանմունքը, որտեղ պառկած են բրոնխոթոքային պաթոլոգիաներով հիւանդները: Նրանց գերակշիռ մեծամասնութեան վիճակը գնահատւում է կայուն ծանր: վերակենդանացման բաժանմունքում գտնուող 4 ամսական երեխան ծայրայեղ ծանր վիճակում է: Նրա կեանքին վտանգ է սպառնում»,-ըսած է ան:
Արցախի մէջ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կազմակերպութեան առաքելութեան մամլոյ քարտուղար Էթերի Մուսայէլեան ըսած է. «Այսօր մենք մեր չէզոք միջնորդի դերում օգնել ենք, որպէսզի մէկ հիւանդ տեղափոխուի Հայաստան: Ինչ այս իրավիճակը ստեղծուել է, մենք ամէն օր տարբեր մարդասիրական հարցերի շուրջ քննարկումներ էինք վարում ու կարող ենք արձանագրել, որ այսօր այդ մէկ հիւանդը տեղափոխուել է ու կարող ենք ասել, որ մենք պատրաստակամ ենք մնում աջակցելու նման խնդիրներին»: Ան տեղեկութիւն չէ տուած այն մասին, որ արդեօք ատրպէյճանցիներուն հետ բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենա՞ն, որպէսզի միւս հիւանդներն ալ փոխադրուին Երեւան: