Արցախի մէջ մինչեւ 2022թուականի 1 մարտը ՏԻՄ ընտրութիւններ պիտի չըլլան

2021-02-18
Image

Ռազմական դրութեամբ պայմանաւորուած՝ մինչեւ 2022 թուականի 1 մարտը Արցախի համայնքներուն մէջ ՏԻՄ ընտրութիւններ պիտի չկայացուի: Այս մասին հրամանագիր ստորագրած է Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։

Հրամանագրով սահմանուած է, որ գործող տեղական ինքնակառավարման մարմիններու լիազօրութիւններու ժամկէտը պիտի երկարաձգուի մինչեւ նորընտիր տեղական ինքնակառավարման մարմիններու առաջին նիստը:

Իսկ համայնքի ղեկավարի կամ աւագանիի անդամի լիազօրութիւնները վաղաժամկէտ դադրեցուելու պարագային՝ այդ պաշտօններուն կը նշանակուին պաշտօնակատարներ` գիւղական համայնքներուն մէջ՝ համապատասխան շրջանի վարչակազմի ղեկավարի որոշմամբ, Ստեփանակերտի քաղաքային համայնքին մէջ` տարածքային կառավարման բնագաւառի պետական մարմնի ներկայացմամբ, իսկ այլ քաղաքային համայնքներու մէջ՝ համապատասխան շրջանի վարչակազմի ղեկավարի ներկայացմամբ` կառավարութեան որոշմամբ: