Արցախի մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են Սումկայիթի զոհերու յիշատակին

2023-02-28
Image

Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած ջարդերու զոհերու յիշատակին եւ բռնագաղթուած հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան օրուան առթիւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 28 փետրուարին այցելած է Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր,  յարգանքի տուրք մատուցած եւ ծաղկեպսակ դրած  ատրպէյճանական իշխանութիւններու կազմակերպած կոտորածներուն զոհ դարձած հայերու յիշատակը յաւերժացնող յուշաքարին մօտ:

Արայիկ Յարութիւնեանի հետ յուշահամալիր այցելած են նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան, օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու ներկայացուցիչներ, անվտանգութեան խորհուրդի անդամներ:

Այնուհետեւ, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի հանդիսապետութեամբ ոճրագործութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հոգեհանգստեան կարգ կատարուած է: