Արցախի մէջ. Նախագահ Յարութիւնեանին գլխաւորութեամբ ապահովական մակարդակի ժողով

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 20 դեկտեմբերին հրաւիրած է խորհրդակցութիւն՝ հանրապետութեան ուժային կառոյցներու ղեկավարներու մասնակցութեամբ:
Քննարկուած են Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած նոր իրողութեան պայմաններուն մէջ երկրի անվտանգութեան ապահովման վերաբերող հարցեր:
Խորհրդակցութեան մասնակցած են ԱՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը եւ պետական նախարար, արագ արձագանգման (օպերատիւ) շտաբի պետ Ռուբէն Վարդանեանը: