Արցախի մէջ շրջափակման մէջ ծնած երեխաներու թիւը անցած է 200-ը

Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Ատրպէյճանի կողմէ շրջափակման ընթացքին Արցախի ծննդատուներուն մէջ արդէն ծնած է 204 երեխայ։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ ամենօրեայ տեղեկագրին մէջ:
Ատրպէյճանական կողմի ահաբեկչական վարքագիծի պատճառով նորածին երեխաներն ու անոնց մայրիկները ամէն օր կ'առերեսուին լուրջ խնդիրներու հետ՝ կապուած մանկական սնունդի, տակդիրներու, դեղորայքի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներու սղութեան հետ։
6 երեխայ կը գտնուի մանկական հիւանդանոցի նորածնային եւ վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ:
9 չափահաս բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունք, որոնցմէ 4-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է։
Արցախի բոլոր բուժհաստատութիւններուն մէջ ծրագրային վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով մօտ 580 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն։
Մինչ այսօր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 70 հիւանդ՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար։