Արցախի մէջ չափահասներու եւ յատկապէս երեխաներու մօտ կ'արձանագրուի ջղային ու հոգեբանական խնդիրներու աճ. Նախարարութիւն

2023-02-27
Image

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արդէն 78 օր շարունակ արգելափակուած ըլլալու պայմաններուն տակ, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին ատրպէյճանական յանցաւոր գործողութիւններէն բխող անորոշութիւններու ու սպառնալիքներու յարուցած շարունակական ճնշումով պայմանաւորուած՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ Արցախի մէջ աճած են շարք մը հիւանդութիւններու ու բարդութիւններու ցուցանիշներ։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի առողջապահութեան նախարարութիւնը:

Անոնց շարքին են սրտի տեղայնական անարիւնութեան (իշեմիկ) հիւանդութիւնը՝ 58%, գլխուղեղի կաթուածը՝ 36%, ծննդաբերական բարդութիւնները՝ 11.6% եւ շարք մը այլ հիւանդութիւններ:

Չափահասներու եւ յատկապէս երեխաներու շրջանակին մէջ կ'արձանագրուի ջղային ու հոգեբանական խնդիրներու աճ՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ, որ դրսեւորուած է ջղաբանի ու հոգեբանի մօտ երեխաներու այցերու 46%, իսկ չափահասներու պարագային՝ 47% աճով:

Նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածի համեմատ՝ 25%-ով աճած են աղիքային անանցելիութեան պատճառով վիրահատական միջամտութիւններու դէպքերը, որ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ սնունդի պակասով:

Իսկ կազամատակարարման պարբերական լրիւ ընդհատումներով ու թերի վերականգնմամբ պայմանաւորուած՝ արձանագրուած է միաթթուիտ բնածուխի (CO2) թունաւորման 30 դէպք: