Արցախի մէջ չպարզուած հանգամանքներու մէջ մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող

2021-07-27
Image

26 Յուլիսին՝ ժամը 22:26-ի սահմաններուն, հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու պահպանութեան տեղամասին մէջ, դեռ չպարզուած հանգամանքներու մէջ, մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 2002-ի ծնունդ Սարգիս Ժիրայրի Գրիգորեանը: Այս մասին կը տեղեկանանք Արցախի ՊԲ-էն։

Դէպքի մանրամասները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն ու ծառայակիցներուն: