Արցախի մէջ 110 միլիառ դրամի ծրագիր պիտի իրականացուի. Այդ մասին խօսած է վարչապետ Փաշինեան

Արցախի մէջ շուրջ 110 միլիառ դրամի բնակարանաշինութեան եւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքներու կառուցման ծրագիր պիտի իրականացուի։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՀՀ վարչապաետ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի եւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստի ժամանակ, որուն ներկայ եղած է նաեւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը։ ՀՀ վարչապետի մամուլի ծառայութիւնը հրապարակած է Փաշինեանի ելոյթի տեսագրութիւնը։
«Առաջարկը հետեւեալն է՝ ծրագիրն իրականացնել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի միջոցով եւ ծրագիրը ֆինանսաւորել հետեւեալ համամասնութեամբ. այս պահին հիմնադրամի հաշիւներում կայ վերջին դրամահաւաքի արդիւնքներով գոյացած շուրջ 58 միլիառ դրամ, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը կը տրամադրի 52 միլիառ դրամ։ Այսինքն կ'ունենանք 110 միլիառ դրամանոց դրամագլուխ, որով եւ կիրականացնենք բնակարանաշինութեան եւ անհրաժեշտ ենթակառուցուածքների ծրագիրը»,– նշած է ան:
Փաշինեանի խօսքով` եւս մի քանի որոշումներ կայացուցած են, որոնցով ոչ միայն պէտք է իրագործեն 2020 թուականի 18 նոյեմբերին իր հրապարակած «ճանապարհային քարտէզի» դրոյթը՝ Արցախի բնականոն կեանքի վերականգնման վերաբերեալ, այլեւ պէտք է զարգացման ծրագրեր իրականացնեն Արցախի մէջ, որպէսզի ունենանք ընկերային-տնտեսական զարգացման բաւարար, բարձր առաջընթաց: