Արցախի մէջ 4 ամսական երեխայի առողջական վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր

Արցախը Հայաստանին կապող միակ ճանապարհը Ատրպէյճանի կողմէ արգելափակելու պատճառով Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բուժհաստատութիւններուն մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ ծրագրային վիրահատութիւնները։
Այս մասին յայտնած են Արցախի առողջապահութեան նախարարութենէն։
«Արեւիկ» բուժմիաւորման մէջ 13 երեխայ կը գտնուի վերակենդանացման եւ նորածնային բաժանմունքներուն մէջ: Անոնցմէ 4 ամսական փոքրիկի առողջական վիճակը, որուն մօտ ախտորոշուած էր «ներքին օրկաններու լէիշմանախտ», կը շարունակէ մնալ ծանր: Արցախի բժիշկները անհրաժեշտ բուժօգնութիւնը կը ցուցաբերեն՝ առցանց կապով խորհրդակցելով ՀՀ մասնագէտներու հետ:
«Հանրապետական բժշկական կեդրոն»-էն ներս 9 բուժառու կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ, որմէ 2-ը ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ են, բժիշկներու կողմէ կը կատարուի հնարաւորը հիւանդներու վիճակը կայունացնելու համար:
ԱՀ առողջապահութեան նախարարութիւնը կը ձեռնարկէ հնարաւոր բոլոր միջոցները շրջափակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը պատշաճ յաղթահարելու համար։