Արցախի մէջ 755 տնտեսվարողներ դադրեցուցած են իրենց գործունէութիւնը

Արցախի մէջ 755 տնտեսվարող անհատ (ընդհանուրի 17,7%-ը) շրջափակման պայմաններուն մէջ աշխատելու անհնարինութեան պատճառով կասեցուցած է իր գործունէութիւնը, իսկ մնացած տնտեսվարողները կը գործեն մասնակի ծաւալով կամ պետական աջակցութեամբ։ Այս մասին հաղորդած է Արցախի տեղեկատուական շտաբը՝ ամէնօրեայ տեղեկագրին մէջ:
Ստեղծուած տնտեսական բարդ իրավիճակի պատճառով նախնականօրէն առնուազն 5,100 մարդ կորսնցուցած է աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը։
Աւելի քան 26,800 թոն կենսական նշանակութեան ապրանքներ պիտի մակատարարուէին Արցախ, եթէ չըլլար շրջափակումը, որու ընթացքին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի եւ ՌԴ խաղաղապահ զօրակազմի կողմէ մատակարարուած է ատոր միայն չնչին մասը: