Արցախի նախագահը նոր նախարարներ նշանակած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 8 մարտին ստորագրած է շարք մը հրամանագիրներ, որոնց համաձայն՝ Հրանդ Կամոյի Սաֆարեան ազատուած է ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնէն: ԱՀ գիւղատնտեսութեան նախարար նշանակուած է Կէորկի Լեւոնի Հայրիեան:
Արմէն Արտիկի Մանգասարեան ազատուած է ԱՀ ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարի պաշտօնէն, եւ նախարար նշանակուած է Վահրամ Ռուդիկի Առաքելեան:
Արամ Ալեքսէյի Սարգսեան ազատուած է ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարի պաշտօնէն: ԱՀ քաղաքաշինութեան նախարարի պարտականութիւններու կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահուած է նախարարի տեղակալ Ազատ Վիլենի Համբարձումեանին:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աւելի վաղ ստորագրած Կառավարութեան որոշումներու համաձայն՝ Կէորկի Լեւոնի Հայրիեան ազատուած էր ԱՀ ջրային կոմիտէի նախագահի պաշտօնէն, որու պարտականութիւններու կատարումը ժամանակաւորապէս վերապահուած է կոմիտէի նախագահի առաջին տեղակալ Արարատ Սամուրկայի Խաչատրեանին, իսկ Վահրամ Ռուդիկի Առաքելեան ազատուած էր ԱՀ ընկերային զարգացման եւ գաղթականութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնէն: