Արցախի նախագահը Շուշի այցելած է. քննարկած են թշնամիի բազմաքանակ ուժերու դէմ պայքարի ռազմավարութիւնը

2020-11-05
Image

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն այսօր այցելած է Շուշի, հանդիպած է քաղաքի պաշտպաններուն հետ, քննարկած է թշնամիի բազմաքանակ ուժերու դէմ մեր պայքարի ռազմավարութիւնը:

Այս մասին նախագահը յայտնած է դիմատետրի իր էջին՝ տեղադրելով հանդիպումէն լուսանկարներ եւ շարունակելով.

«Մասնագէտ զինուորականներու եւ կամաւորականներու համատեղ ջանքերով ստեղծուած պաշտպանական ամրութիւնները եւ տղաներու վճռականութիւնը յոյս կը ներշնչեն, որ բերդաքաղաքն անառիկ պահելու համար կը գործադրուին բոլոր հնարաւոր ջանքերը:

Շուշին իր հոգեւոր եւ մշակութային արժէքներով ու աւանդոյթներով, մեր ամենամեծ ժառանգութիւններէն է, որ ստացած ենք պապերէն եւ նոյն հայկական ոգիով պէտք է փոխանցենք մեր սերունդներուն:

Յ.Գ.

Յատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Արցախի հերոս», հայ ժողովուրդի նուիրեալ զաւակ, զօրավար-գնդապետ Սեյրան Օհանեանին»: