Արցախի նախագահը պարգեւատրած է 44-օրեայ պատերազմին մարտական ծառայութիւններ մատուցած աշխարհազօրայինները եւ կամաւորականները

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը շարք մը աշխարհազօրայիններ եւ կամաւորականներ պարգեւատրեց 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Արցախի պետական սահմանի պաշտպանութեան գործին մէջ ցուցաբերած բացառիկ քաջութեան եւ արիութեան համար: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ մետալներ շնորհուած են նաեւ յետմահու:
Արարողութիւնը մեկնարկած է մէկ վայրկեան լռութեամբ, այնուհետեւ հնչած են Արցախի եւ Հայաստանի օրհներգերը:
ՀՀ ՊՆ նախարարի խորհրդական, զօրավար-մայոր Վարդան Աւետիսեանը նշած է, որ պարգեւատրման արարողութիւնը առանձնակի ուշադրութիւն է՝ եւս մէկ անգամ գնահատելու այն դերակատարութիւնը, որ հայ ազգի նուիրեալները իրականացուցին:
Արայիկ Յարութիւնեանը իր ելոյթէն առաջ նշած է, որ կը խոնարհի բոլոր նահատակուած հերոսներու յիշատակի առաջ, ինչպէս նաեւ ընդգծած է, որ դահլիճին մէջ կը գտնուին նաեւ Արցախի հերոս, կամաւորական ջոկատի հրամանատար Սուրէն Բաղդասարեանը:
«Շնորհակալ եմ նաեւ մեր բոլոր ողջ հերոսներին: Այս պարգեւատրումներով մենք ամփոփում ու գնահատում ենք կամաւորական ամբողջ միութեան կատարած ծառայութիւնը հայրենիքի առջեւ: Անյաջողութիւններ ունեցել ենք, սակայն պէտք է ֆիքսենք, որ մենք կռուել ենք աշխարհի դէմ: Չնայած այդ ամէնին, Արցախն այսօր կայ ու շարունակում է ապրել: Համոզուած եմ, որ Հայաստանի ու Արցախի ապագան լուսաւոր է ու դեռ շատ յաղթանակներ առջեւում են»,-ըսած է Արայիկ Յարութիւնեանը: