Արցախի նախագահը պարգեւատրեց 2 կամաւորական ջոկատներու զինուորներ՝ առանձնակի հերոսութիւններու համար (տեսանիւթ)

ԱՀ նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն իր դիմատետրի էջին տեսանիւթ հրապարակած է՝ կից գրելով․
«Սիրելի ՛ հայրենակիցներ,
Այսօր հանդիպեր եմ Արցախեան առաջին պատերազմի լեկենտար հրամանատարներ Վլատիմիր Բալայեանի եւ Շահէն Մեղրեանի անուան կամաւորական ջոկատներու ազատամարտիկներուն հետ:
Հայոց պատմութեան այս կարեւորագոյն շրջափուլին, երբ վտանգուած են մեր ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու մեր ազգային շահերը, անոնց դերակատարութիւնը անգնահատելի է, ինչպէս եւ եղած է Վլատիմիր Բալաեանի ու Շահէն Մեղրեանի պարագային:
Հայրենի հողի փրկութեան համար անոնց գործած սխրանքներուն մասին խօսելու դեռ շատ առիթներ կ'ունենանք, բայց յընթացս պարտաւոր ենք հանդիպիլ, քննարկել իրավիճակը եւ պարգեւատրել»: