Արցախի Շոշ-Մխիթարաշէն հատուածին մէջ Ատրպէյճանը խախտած է հրադադարը

9 Օգոստոսին՝ ժամը 16:00-էն 2:00-ը ինկած ժամանակահատուածին հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը հարաւ-արեւմտեան (Շոշ-Մխիթարաշէն) հատուածին մէջ: Բացի հրաձգային զինատեսակներէ ատրպեճանական զինուժը կիրառած է նաեւ ՀՀՆ-9 (հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականէտ)՝ հայկական դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով 3 արկ:
Հայկական կողմը կորուստներ չունի:
Միջադէպի առնչութեամբ համապատասխան տեղեկատուութիւն տրամադրուած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարութեան:
Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հրամանատարութիւնը կոչ կ'ընէ ատրպեճանական կողմին հաւատարիմ մնալու ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններուն եւ զերծ մնալու իրադրութեան հետագայ լարման ուղղուած քայլերէն: