Արցախի պետական նախարարի պատուոյն ընդունելութիւն կազմակերպուած է ԱՄՆ-ի ՀՀ դեսպանատան մէջ
Ի պատիւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեկլարեանի, նոյեմբեր 3-ին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ՀՀ դեսպանատան մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ:
«Պետական նախարարը եւ անոր գլխաւոր խորհրդական Դաւիթ Յակոբեանը ներկայացուցին Արցախի ներկայ իրավիճակը, առկայ հիմնախնդիրները եւ ապագայի տեսլականը Արցախի զարգացման ու անոր Սփիւռքի մասնակցութեան վերաբերեալ: Արտակ Բեկլարեանը ընդգծեց, որ սփիւռքէն ակնկալիքը ոչ այնքան նիւթական է, որքան՝ Արցախի մէջ երկարաժամկէտ կարողութիւններու զարգացման աջակցութիւնը՝ Սփիւռքի հսկայական մարդուժով»,- այս մասին կը յայտնեն ԱՀ պետական նախարարին աշխատակազմէն:
ՀՀ դեսպան Լիլիթ Մակունցի հետ հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան պետական նախարարին այցելութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արցախցիներու իրաւունքներու եւ շահերու պաշտպանութեան առնչուող շարք մը հարցեր:
Կը նշուի, որ Արտակ Բեկլարեանը հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի հայկական համագումարի՝ Ուաշինկթոնի մէջ գործող գրասենեակներու ղեկավարներուն հետ, ներկայացուց Արցախի ապագայի տեսլականը եւ քննարկեց արդիւնաւէտ համագործակցութեան հեռանկարները:
Բոլոր հանդիպումներուն կը մասնակցէր նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ԱՀ մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեանը: