Արցախի Ջրականի շրջանին մէջ ականապայթիւնային վիրաւորում ստացած է ԱԻՊԾ խումբի հրամանատարը

Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող Ջրականի շրջանին մէջ (Քենդ Հորադիզ տեղամաս) տեղի ունեցած որոնումներու ընթացքին ականապայթիւնային վիրաւորում ստացած է ԱԻ պետական ծառայութեան փրկարար ուժերու վարչութեան արագ արձագանգման յատուկ ստորաբաժանման խումբի հրամանատար Տ.Հ.-ն (ծնած 1975թ.): Այս մասին տեղեկացուցած են Արցախի ԱԻՊԾ-էն:
Պատահարի հետեւանքով Տ.Հ.-ն ստացած է աջ ոտնաթաթի վիրաւորում: Անոր առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերած են ատրպէյճանցի զինուորականները, այնուհետեւ որոնողական աշխատանքներ իրականացնող խումբը վերջինս տեղափոխած է Ստեփանակերտի հանրապետական բժշկական կեդրոն:
Ըստ բժիշկներէն ստացած տեղեկատուութեան՝ անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար:
«Զինադադարից յետոյ որոնողափրկարարական աշխատանքներ իրականացնելիս, սա՛ փաստօրէն արդէն երրորդ դէպքն է:
Առաջին դէպքը տեղի է ունեցել Որոտանի ուղղութեամբ, ականի վրայ պայթել եւ վիրաւորում են ստացել ՀՀ մեր գործընկերները, իսկ յաջորդը՝ Մարտակերտի շրջանային բաժնի փրկարար ծառայողները՝ Թալիշ-Մատաղիս հատուածում: Բարեբախտաբար, մահուան ելքով դէպքեր չեն արձանագրուել:
Հանրապետական բժշկական կեդրոն է այցելել ՆԳ նախարար Կարէն Սարգսեանը, ԱԻ պետական ծառայութեան տնօրէն Մեխակ Արզումանեանը, տեղակալներն ու համակարգի այլ պատասխանատու ծառայողներ»: