Արցախի ՌԱԿ-ի անդամ՝ Ընկ. Արտակ Աւագիմեանի Հոգեհանգիստը Եռաբլուրի մէջ

2021-11-08
Image

Երկուշաբթի, 08 Նոյեմբեր 2021-ին, Եռաբլուրի մէջ, հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, ճիշդ տարի մը առաջ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Շուշիի պաշտպանական մարտերուն ընթացքին նահատակուած Արցախի Ռամկավար Ազատակաn Կուսակցութեան անդամ՝ Ընկ. Արտակ Աւագիմեանի նահատակութեան առաջին տարելիցին առթիւ։

1

Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ եղան Արտակ Աւագիմեանի հարազատները, մարտական ընկերները եւ կուսակցական ընկերները, ինչպէս նաեւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ Ընկ. Ալեքսան Գարատանայեանն ու Ընկ. Բարդուղ Գալստեանը (միաժամանակ Արցախի ՌԱԿ-ի Ատենապետ), որոնք ՌԱԿ-ի անունով ծաղկեպսակ զետեղեցին նահատակ ընկերոջ շիրիմին:

2

Ներկաներէն շատերը սրտի խօսք հնչեցուցին այս առթիւ, որոնք իրենց խօսքերուն մէջ ընդգծեցին Արտակի խիզախ, հայրենասէր նկարագիրը եւ յանուն հայրենի հողի զոհողութեան պատրաստ յանդուգն ոգին, որ զինք մղեց կամաւորագրուելու հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:

4

1

5

 

6

 

1

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ խօսք առաւ նաեւ Ընկ. Բարդուղ Գալստեան, որ մասնաւորապէս ըսաւ.«Արտակը ինչպէս լաւ ընկեր էր, լաւ մարդ՝ հասարակութեան եւ շրջապատի համար, այնպէս ալ լաւ կուսակցական ընկեր էր, նուիրեալ, որուն հետ ապագայի հետ կապուած շատ ծրագրեր կային,  որոնք, աւաղ, կիսատ թողեց»: Ընկ. Գալստեան նաեւ կուսակցական ընկերներու խոր ցաւակցութիւնները յայտնեց նահատակ ընկերոջ ընտանիքի անդամներուն, ուղարկուած՝ Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, Ֆրանսայէն, Երուսաղէմէն, Յորդանանէն, Լիբանանէն եւ բոլոր շրջանակներէն, խոստանալով, որ միշտ իրենց անմահացած ընկերոջ ընտանիքին կողքին պիտի գտնուին:

3

Արտակին եւ իր նման հազարաւոր նահատակներուն հոգիին համար առ Աստուած բարձրացուած աղօթքները մխիթարութիւն եւ բալասան թող դառնան վիրաւոր մեր ժողովուրդին։

Յիշենք, որ Արտակ Վլատիմիրի Աւագիմեան (1980-ի ծնունդ) նահատակուած էր ճիշդ տարի մը առաջ, Շուշիի պաշտպանական մարտերուն ընթացքին, ուր տեղափոխուած էր պատերազմի վերջին 3 օրը, մինչ այդ կռուած էր Մարտակերտի մէջ, մաս կազմելով կամաւորական ջոկատին:

8

 

8

 

2

Ծնած ըլլալով Մարտակերտի շրջանի Ղազանչի գիւղին մէջ, ան նախքան պատերազմը բնակութիւն հաստատծ էր Շուշի, ամուսնացած է, ունի երկու դուստր: Նաեւ Ապրիլեան պատերազմի մասնակից էր:

Բի՜ւր յարգանք մարտական փառահեղ ուղի անցած արցախեան ազատամարտի բոլոր նուիրեալներուն եւ յանուն հայրենիքի ազատութեան նահատակուած մեր հերոսներուն:

Անոնց յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ հայ ժողովուրդի մտքին ու հոգիին մէջ: