Արցախցիներու հարցը պէտք է լուծում ստանայ Պաքու-Ստեփանակերտ բանակցութեան միջոցով. Ռուբինեան

2022-12-02
Image

ՀՀ իշխանութիւնը կը համարէ, որ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու ու անվտանգութեան հարցը պէտք է լուծում ստանայ, հակառակ պարագային այդ կը նշանակէ Արցախի հայաթափում կամ Արցախի ժողովուրդի ցեղասպանութիւն։ Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան։

Յայտնած էինք, որ ընդդիմադիրներու հրաւէրով Ազգային Ժողովէն ներս արտահերթ նիստ կը կայանայ, որուն նաեւ իշխող ուժի պատգամաւորները կը մասնակցին։

Նիստի օրակարգին մէկ հարց կար` կ'ուզեն ԱԺ-ն յայտարարութիւն ընդունի ի պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ 8 նոյեմբեր 2022-ի յայտարարութեան։ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Թեւանեան ներկայացուած էր, թէ իրենց առաջարկած յայտարարութեան որ դրոյթներու հետ համաձայն չեն իշխանականները։

«Մենք համարում ենք, որ Արցախի ժողովրդի իրաւունքների ու անվտանգութեան հարցը կարող է լուծում ստանալ Պաքու-Ստեփանակերտ ուղիղ բանակցութիւնների միջոցով՝ միջազգային մեխանիզմի մասնակցութեամբ»,-ըսած է Ռուբինեան։

Անոր խօսքով` իրենք կը համարեն նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածք, որու մէկ մասը բռնագրաւուած է Ատրպէյճանի կողմէ։ Ուստի, ատրպէյճանական զօրքերը պիտի անյապաղ ու առանց որեւէ նախապայմանի ետ քաշուին այդտեղէն։

Ռուբինեանի խօսքով` այս երեք կէտերն են պատճառը «Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկած յայտարարութեան նախագծի հետ անհամաձայնութեան, քանի որ այդ յայտարարութիւնը ընդունելով՝ իրենք կը հակասեն վերոյիշեալ երեք կէտերուն։

«Կարծում եմ` իմ նշած երեք կէտերը (Արցախի ժողովրդի իրաւունք, Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւն, Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներ,–խմբ.) դուք չէք համարի դաւաճանական, թրաքահաճոյ, թրքաբարոյ»,–ըսած է Ռուբինեան։

Ան յիշեցուցած է, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ելոյթին մէջ նշած է քաղաքական փոփոխութիւն մը` ոչ թէ Արցախի կարգավիճակէն պէտք է բխեցնել Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը, այլ հակառակը։