Արցախ վերադարձած է 49 264 մարդ. ՌԴ ՊՆ

Ռուսական խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ մէկ օրուան մէջ Արցախ վերադարձած է 210 մարդ, որոնք աւելի վաղ լքած էին իրենց բնակավայրերը մարտական գործողութիւններու պատճառով:
Այս մասին կը յայտնէ ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Ընդհանուր առմամբ, Արցախ վերադարձած է 49 հազար 264 մարդ»,- նշուած է ՌԴ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի 10 Նոյեմբեր 2020-ի հրամանագրով ԼՂ-ի մէջ տեղակայուած է ռուս խաղաղապահներու զօրակազմը, որուն հիմքը Կեդրոնական ռազմական շրջանի 15-րդ առանձին մոթոհրաձագային գունդն է: Խաղաղապահներու հրամանատարն է զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը: