Արցախ վերադարձած է 52 հազար 415 հայորդի

Ռուսաստանեան խաղաղապահ ուժերու եւ ռազմական ոստիկանութեան ուղեկցութեամբ մէկ օրուան մէջ Արցախ վերադարձած է 27 մարդ, որոնք աւելի վաղ լքած էին իրենց բնակավայրերը մարտական գործողութիւններու պատճառով: Այս մասին յայտնած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
«Ընդհանուր առմամբ, Արցախ վերադարձած 52 հազար 415 մարդ»,- նշուած է ՌԴ ՊՆ հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահի 2020 թուականի 10 նոյեմբերի հրամանագրով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղակայուած է ռուս խաղաղապահներու զօրակազմը: Զօրակազմի հիմքը կազմած է Կեդրոնական ռազմական շրջանի 15-րդ առանձին մոթոհրաձգային զօրախումբը։ Խաղաղապահներու հրամանատարն է զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը։