Աւելի քան 200 ուխտաւոր այցելեած է Արցախի Ամարաս վանական համալիր

2021-08-17
Image

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի զինծառայողները ապահոված են աւելի քան 200 ուխտաւորներու անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի սահմանազատման գիծի մօտ գտնուող Ամարաս վանական համալիր այցելելու ժամանակ, յայտնած է ՌԴ ՊՆ-ն:

«Այս համալիրը կը գտնուի սահմանազատման գիծի մօտ, ուստի անհրաժեշտ է ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ներկայութիւնը», - ըսած է ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի ներկայացուցիչ Տանիիլ Նիքիթինը:

Ռուս խաղաղապահները ուղեկցած են Ստեփանակերտէն Մարտունիի շրջան ժամանած ուխտաւորներուն, որոնք ներկայ եղած էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ վանքին մէջ մատուցուած պատարագին:

Յիշեցնենք, որ 10 Նոյեմբեր 2020-ին եռակողմ համաձայնագրի ստորագրման հետեւանքով վանքը մնացած է Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութեան տակ գտնուող շփման գիծին մօտ եւ ռուս խաղաղապահներու պատասխանատուութեան գօտիին մէջ: Ռուս խաղաղապահները ամէն օր կը հսկեն վանքը, որուն վրայ տեղադրուած է Ռուսաստանի դրօշը, անոնք կ'ուղեկցին Ստեփանակերտէն ժամանած ուխտաւորներուն: