Աւստրալիոյ խորհրդարանը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու բանաձեւը

2021-12-06
Image

Աւստրալիոյ Դաշնային խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու պալատը միաձայն ընդունած է նախագիծը, որ կոչ կ'ընէ Աւստրալիոյ կառավարութեան՝ ճանչնալ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները։

Բանաձեւը կը յարգէ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան միջազգային օրը եւ կոչ կ'ընէ Աւստրալիոյ կառավարութեան՝ պահպանել իր պարտաւորութիւնները որպէս ՄԱԿ-ի Ցեղասպանութեան պայմանագիրը ստորագրող երկիր՝ ճանչնալով Օսմանեան կայսրութեան կողմէ իրագործուած ցեղասպանութիւնը 1915-1923 թուականներուն հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ: