Բանակի օրուայ առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այցելած է «Եռաբլուր» պանթէոն

2021-01-28
Image

Բանակի օրուայ առթիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներու հետ միասին այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ յարգանքի տուրք մատուցելու իրենց կեանքը Հայրենիքի անկախութեան համար զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Վարչապետը ծաղիկներ դրած է արցախեան պատերազմի հերոսներու, Սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն եւ ծաղկեպսակ՝ զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրին: