ԲԴԽ-ն կասեցուցած է Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները. անոր պիտի փոխարինէ Գագիկ Ջհանկիրեանը

ԲԴԽ-ն որոշում կայացուցած է եւ կասեցուցած է Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները որպէս դատաւոր եւ որպէս ԲԴԽ անդամ (նախագահ): Այս մասին կը տեղեկանանք ԲԴԽ մամուլի ծառայութենէն:
Հաղորդագրութեան մէջ ըսուած է.
«2021 թուականի ապրիլի 15-ին, դռնփակ նիստում, Բարձրագոյն դատական խորհուրդը, հիմք ընդունելով Գլխաւոր դատախազի կողմից Բարձրագոյն դատական խորհրդի նախագահ, Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատաւոր Ռուբէն Վարդազարեանի նկատմամբ ոչ իր լիազօրութիւնների իրականացման կապակցութեամբ քրէական հետապնդում յարուցելու մասին Բարձրագոյն դատական խորհրդին տեղեկացնելը եւ ղեկավարուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 86-րդ յօդուածի 7-րդ կէտով, 165-րդ յօդուածի 1-ին եւ 1.1-ին մասերով, որոշում է կայացրել Ռուբէն Վարդազարեանի լիազօրութիւնները կասեցնել որպէս դատաւոր եւ որպէս ԲԴԽ անդամ (նախագահ)՝ մինչեւ վերջինիս նկատմամբ յարուցուած քրէական գործով վարոյթի աւարտը:
Համաձայն «Հայաստանի Հանրապետութեան դատական օրէնսգիրք» սահմանադրական օրէնքի 84-րդ յօդուածի 13-րդ մասի, Բարձրագոյն դատական խորհրդի նախագահի պարտականութիւնները կ'իրականացնի Խորհրդի տարիքով աւագ անդամ՝ Բարձրագոյն դատական խորհրդի գիտնական-անդամ Գագիկ Ջհանկիրեանը»: