Բերձորի ուղղութեամբ հայկական զօրքերը կարեւոր դիրք մը գրաւած են

Բերձորի մէջ ձեւաւորուած կամաւորական եւ աշխարհազօրային խումբերը, Պաշտպանութեան Բանակի N ստորաբաժանման հետ Բերձորի ուղղութեամբ առաջնագիծի Արփագեադուկ գիւղի մօտակայքը գրաւած են ռազմական նշանակութեան կարեւոր բարձունք: Այս մասին իր դիմատետրի էջին վրայ գրած է Արցախի ազատամարտիկներու միութեան Բերձորի քաղաքային բաժանմունքի նախագահ՝ Յարութ Աւանէսեան:
«Բերձորի մէջ ձեւաւորուած կամաւորական եւ աշխարհազօրային խումբերը, ՊԲ N ստորաբաժանման հետ Բերձորի ուղղութեամբ առաջնագծի Արփագեադուկ գիւղի մօտակայքը գրաւած են ռազմական նշանակութեան կարեւոր բարձունք։ Ոչնչացուած է թշնամիի 20 զինծառայող, մնացած կորուստները կը ճշդուին։ Կը շարունակուի հակառակորդի ներթափանցման խումբերու յայտնաբերման եւ ոչնչացման ուղղուած մարտական գործողութիւնները։
Թուրքը Բերձոր ոտք չի դներ»,- գրած է Աւանէսեան: