Բոլոր ընտրական տեղամասերը բացուած են սահմանուած ժամուն, ընտրութիւնները կ՚ընթանան բնականոն հունով

500 մարդ ելեկտրոնային քուէարկութեան եղանակով արդէն կատարած են իրենց քաղաքացիական պարտքը: Այդ ընտրութեան արդիւնքները պիտի ամփոփուին այսօր՝ ՀՀ տարածքին մէջ հիմնական քուէարկութեան աւարտէն ետք:
Այս մասին քիչ առաջ, ԿԸՅ տեղեկատուական կեդրոնին մէջ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Կեդրոնական ընտրական յնձնաժողովի նախագահ Տիգրան Մուկուչեանը:
Ան յիշեցուցած է, որ ընտրութիւններուն կը մասնակցի 25 քաղաքական ուժ՝ 21 կուսակցութիւն եւ 4 դաշինք: Ընտրական ցուցակներուն մէջ, ընդհանուր առմամբ, 2510 թեկնածու ընդգրկուած է:
Ընտրութիւններու անցկացման համար ՀՀ տարածքին մէջ ձեւաւորուած է 2008 ընտրական տեղամաս, որմէ 12-ը՝ քրէակատարողական հիմնարկներու մէջ:
Բոլոր ընտրական տեղամասերը բացուած են սահմանուած ժամին՝ 8:00-ին եւ ՀՀ քաղաքացիներն արդէն կը կատարեն իրենց ընտրութիւնը:
Այսօր առաւօտեան տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներուն մէջ ընդգրկուած 119 յանձնաժողովի անդամներ չեն ներկայացած 114 ընտրատեղամասերու մէջ: Սա, ըստ Մուկուչեանի, կը նշանակէ, որ կան եզակի թիւով բացակայութիւններ, իսկ ընդհանուր առմամբ, չկայ որեւէ տեղամաս, ուր ներկայացած չըլլայ յանձնաժողովի նախագահը: Տեղամասերէն 5-ին մէջ բացակայած է յանձնաժողովի քարտուղարը:
Ընտրատեղամասերուն մէջ ընտրողներու գրանցումը պիտի կատարուի տեխնիկական սարքաւորումներու միջոցով, ՀՀ տարածքին մէջ ընտրատեղամասերուն յատկացուած է 4006 նման սարքաւորում, որոնք բոլորը ժամը 8-ի դրութեամբ գործարկուած են:
Գործընթացը լուսաբանելու համար հաւատարմագրուած է օտարերկրեայ 49 եւ տեղական 68 լրատուամիջոց։
Դիտորդական առաքելութիւն կ'իրականացնէ միջազգային 8 եւ տեղական 19 կազմակերպութիւն։