Բրիտանիոյ Համայնքներու Տունը առաջին ընթերցումով ընդունեց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը. Երկրորդ ընթերցումը` 18 Մարտին

Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանի Համայնքներու պալատը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը պահանջող օրինագիծը:
«Այսօր Հայկական հարցի համար պատմական օր է: Այսօր Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ օրինագիծը առաջին ընթերցմամբ առանց առարկութիւններու ընդունուեցաւ: Յաջորդ ընթերցումը պիտի կայանայ 2022 թուականի Մարտ 18-ին: Երախտապարտ ենք Թիմ Լաֆթոնին եւ այս յաջողության բոլոր աջակիցներուն», ըսուած է Հայ Դատի Մեծն Բրիտանիոյ գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Օրինագիծը կը պահանջէ Միացեալ Թագաւորութեան կառավարութենէն պաշտօնապէս ճանչնալ 1915-1923 թուականներուն կատարուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ զոհերուն յիշատակը յարգելու ամէնամեայ կարգ սահմանել, ինչպէս նաեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր առնչուող մարդու իրաւունքներու ժամանակակից խախտումներու եւ պատերազմական յանցագործութիւններու վերաբերեալ կրթութիւնն ու հանրային տեղեկացուածութիւնը խթանել: