Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի անդամները Թուրքիան ՆԱԹՕ-էն հեռացնելու առաջարկ ըրած են

2020-10-22
Image

Գանատայի Օնթարիօ նահանգի Օրէնսդիր ժողովի անդամները ի աջակցութիւն Արցախին առաջարկով հանդէս եկած են: Այս մասին կը հաղորդէ Գանատայի Հայ դատի յանձնախումբը: 

Օնթարիոյի Օրէնսդիր ժողովի անդամները առաջարկած են Թուրքիան հեռացնել ՆԱԹՕ-էն եւ քննարկել Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու հարցը:

Օնթարիոյի նահանգային խորհրդարանի անդամները իրենց խոր մտահոգութիւնը յայտնած են Արցախի մէջ տիրող հակամարտութեան առնչութեամբ եւ համերաշխութիւն յայտնած են Օնթտարիոյի հայկական համայնքին՝ խաղաղ կարգաւորման կոչ ընելով։ Անոնք խիստ քննադատած են Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը: