Գերեվարուած 62 զինծառայողներու ցանկը արդէն փոխանցուած է Կարմիր Խաչին. ՊՆ ղեկավար

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանը 21 դեկտեմբերին տեսակապի միջոցով պարզաբանումներ ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան Հին Թաղեր-Խծաբերդ հատուածին մէջ ատրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած զինծառայողներու ծնողներուն ու հարազատներուն:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, պաշտպանութեան նախարարը նշած է, որ կ'ընեն հնարաւոր ամէն ինչ՝ խնդրի արագ կարգաւորման համար:
Մասնաւորապէս, ըստ Վաղարշակ Յարութիւնեանի, գերեվարուած 62 զինծառայողներու ցանկը արդէն փոխանցուած է Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին, իսկ անոնց անձնական գործերը ուղարկուած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Հարցը կը գտնուի նաեւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահ զօրախումբի ղեկավարութեան ուշադրութեան կեդրոնին։
Վաղարշակ Յարութիւնեանը զինծառայողներու հարազատներուն վստահեցուցած է, որ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կ'ընէ հնարաւոր առաւելագոյնը՝ գերեվարուած զինծառայողները Հայրենիք վերադարձնելու համար եւ որ այս հարցով տարընթերցումներ չկան. ինչպէս զինծառայողներու հարազատներու, այնպէս ալ պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր նպատակը մէկն է. օր առաջ ողջ եւ առողջ հայրենիք վերադարձնել գերութեան մէջ յայտնուած մեր բոլոր զինծառայողները։