Գերիներու հարցը շատ զգայուն է եւ կը պահանջէ շուտափոյթ լուծում. ՀՀ ԱԳՆ

2020-12-07
Image

Ղարաբաղեան պատերազմի ժամանակ անյայտ կորսուած զինծառայողներու որոնման, գերիներու եւ զոհերու մարմիններու փոխանակման հարցը շատ զգայուն է եւ կը պահանջէ շուտափոյթ լուծում: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ ԱԳՆ ղեկավար Արա Այվազեանը ռուս գործընկեր Սերկէյ Լաւրովի հետ Մոսկուայի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ:

«Սա յատկապէս կարեւոր է ռազմագերիների հետ եւ ոչ միայն, բառի բուն իմաստով, բարբարոսական վերաբերմունքի վերաբերեալ ստացուող հաստատուած բազմաթիւ փաստերի  ֆոնին: Այս հարցերի թւում է հայկական կրօնական եւ մշակութային վայրերի պահպանման հարցը: Մենք յոյս ունենք, որ Ռուսաստանը, ինչպէս ազգային, այնպէս էլ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահող երկիր, կը խթանի ինչպէս այդ հարցերի լուծմանը, այնպէս էլ հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին, որն իրականացնելու է համանախագահութեան ինստիտուտի հետագայ գործունէութիւնը», - ըսած է նախարարը:

Ան ընդգծած է, որ դաշնակցային համագործակցութեան զուգընթաց պատրաստ է դիտարկելու երկկողմ յարաբերութիւններու հիմնական ասպեկտները քաղաքական, պաշտպանական, առեւտուրի, տնտեսական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ քննարկելու ԵԱՏՄ-ի, ՀԱՊԿ-ի եւ ԱՊՀ-ի մէջ իրականացուող բազմակողմ օրակարգը, ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ դիրքերու արտաքին քաղաքականութեան համակարգման հարցերը:

«Վստահ եմ, որ այցի արդիւնաւէտութեան վրայ փոխադարձ ուշադրութիւնը կը նպաստի դաշնակցային համագործակցութեան հետագայ զարգացմանը, Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանում անվտանգութեան եւ կայունութեան ամրապնդմանը», - նշած է Այվազեանը: