Գերիներու հարցով առաջընթաց կայ, բայց կան տարակարծութիւններ անոնց կարգավիճակի վերաբերեալ. Մաուրեր

«Գերիներու վերադարձի հարցով առաջընթաց գրանցուած է, անոնք պիտի վերադառնան իրենց տուները: Միեւնոյն ժամանակ, դեռ կան տարակարծութիւններ ձերբակալուածներէն մի քանիի վերաբերեալ՝ արդեօ՞ք անոնք ռազմագերիներ կը համարուին, ի՞նչ կարգավիճակ ունին եւ կրնա՞ն վերադառնալ: Մենք կը շարունակենք անդրադառնալ այս խնդիրներուն»: Այս մասին «Izvestia»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի նախագահ Փեթեր Մաուրերը:
Ան նշած է, որ Կարմիր խաչը ուղղակի մուտք ունի ձերբակալուածներու մօտ:
«Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մեզի տեղեկացուց, որ հայկական կողմի հետ տարաձայնութիւններ եղած են (կալանաւորուածներու) կարգավիճակի վերաբերեալ: Բաքուն եւ Երեւանը պէտք է այս խնդիրը լուծեն իրենց մէջ: Մենք կրնանք կիսել մեր փորձը, կրնանք ինչ-որ բան խորհուրդ տալ, բայց համապատասխան կառավարութիւնները պէտք է իրենք որոշեն եւ վերջնական գնահատեն կարգավիճակը: Մենք կապի մէջ ենք երկու կողմերու հետ: Եւ յոյսով եմ, որ ապագային հնարաւոր պիտի ըլլայ խնդրի լուծում գտնել բոլոր կալանաւորվածներու մասով, որոնք կը գտնուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ»,- նշած է Մաուրերը՝ պատասխանելով որպէս ներխուժող ռազմագերիներու կարգավիճակի մասին հարցին:
Պատասխանելով հարցին, թէ ի՞նչ պայմաններու մէջ կը պահուին ձերբակալուած անձինք Ատրպէյճանի մէջ՝ ԿԽՄԿ-ն յայտարարած է, որ իրենք այդ մասին հանրային գնահատական չեն տար: