Գերիներու վերադարձը կրկին յետաձգուած է․ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակի մեկնաբանութիւնը

2021-04-09
Image

Գերիներու վերադարձը, դժբախտաբար, կրկին յետաձգուած է, քանի որ թշնամին 9 նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութեան 8-րդ կէտը չի գործադրեր, ինչ որ յետպատերազմական մարդասիրական գոծընթացի կոպիտ խախտում է: «Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն։

«Բանակցութիւնները ռուսական կողմի միջնորդութեամբ շարունակուում են, եւ յոյյս ունենք, որ ատրպէյճանական կողմը ի վերջոյ կը յարգի ստորագրուած յայտարարութիւնը ու կեանքի կը կոչի մարդասիրական պայմանաւորուածութիւնը՝ այդպիսով նպաստելով տարածաշրջանում կայունութեան հաստատմանը»,- ըսուած է մեկնաբանութեան մէջ։

Նշենք, որ երէկ` 8 ապրիլին հայ ռազմագերիները տեղափոխող օդանաւը Պաքուէն Երեւան հասած է դատարկ:

«Էրեբունի» օդակայան հաւաքուած էին գերիներու տասնեակ հարազատներ: