Գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ պիտի զբաղուի անձամբ Ռուստամ Մուրատովը ՀՀ-ի մէջ ՌԴ դեսպան

2021-04-12
Image

Ատրպէյճանի մօտ մնացած հայ գերիներու վերադարձը Ռուսաստանի համար առաջնահերթ խնդիրներէն է։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի  ժամանակ ըսած է ՀՀ-ի մէջ ՌԴ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը։

«Գերիներու խնդրի մասին կը խօսին թէ՛ մեր ղեկավարութիւնը, թէ՛ խաղաղապահները։ Կը տարուին աշխատանքներ, կայ որոշակի առաջընթաց։ Գերիներու հարցը Ռուսաստանի համար առաջնահերթ հարցերէն է», -ըսած է ան:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի յայտարարութիւններուն, որ գերիներու հարցը արդէն լուծուած է՝ ՀՀ-ի մէջ ՌԴ դեսպանն ըսած է, որ ռուսական կողմը կը շարունակէ աշխատանքներ տանիլ գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ։

«Ինծի համար բարդ է Ատրպէյճանի յայտարարութիւնները մեկնաբանելը, կրնամ ըսել միայն, որ Ռուսաստանը կը շարունակէ աշխատանքները», - ըսած է ան։

Ան հաստատած է, որ գերիներու վերադարձի ուղղութեամբ պիտի շարունակէ զբաղուիլ անձամբ զօրավար-լեյտենանտ Ռուստամ Մուրատովը։