Գիշերը անհանգիստ եղած է Արցախի Մարտունի քաղաքին եւ յարակից բնակավայրերուն մէջ. թշնամիի վայրագութիւնը վերսկսած է նաեւ լուսաբացին. ԱՀ ԱԻՊԾ

31 Հոկտեմբերի լոյս 1 նոյեմբերի գիշերը անհանգիստ եղած է Արցախի Մարտունի քաղաքի եւ յարակից բնակավայրերուն մէջ։ Քաղաքին վրայ կիրառուած է ռազմական օդուժ։ Ռմբակոծութեան հետեւանքով կան բազմաթիւ աւերածութիւններ։ Այս մասին կը յայտնէ ԱՀ ԱԻ պետական ծառայութիւնը:
Մարտունիի ուղղութեամբ թշնամիի վայրագութիւնը վերսկսած է նաեւ լուսաբացին։
Գիշերը հրետակոծուած է Ասկերանի վերին ենթաշրջանի գիւղերը։ «Կրատ» եւ «Սմերչ» կայանքներէ թշնամին կրակ բացած է Աւետարանոց եւ Սզնէք համայնքներու ուղղութեամբ։
Քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին տուժածներ չեն եղած։ Նիւթական վնասներու չափը կը ճշդուի։